By Asbarez | Thursday, 01 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Մարդկային իրաւանց պաշտպան <<Միջազգային Ներում>> կազմակերպութիւնը (<<Amnesty International>>), Փետրուար 28ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Անգարան եւ նուազ համեմատութեամբ՝ Սուրիոյ քրտական ուժերը մեղադրած է հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու յանցանքով։
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Թուրքիոյ ուժերու հրետանիին յարձակումները կ՛իրականացուին՝ առանց հաշուի առնելու քաղաքացիներու հաւանական ներկայութիւնը: Ականատեսներու վկայութեամբ՝ այդ յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք տասնեակներով քաղաքացիներ սպաննուած են:
Կազմակերպութիւնը նաեւ կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու, որ ճնշում գործադրեն Թուրքիոյ եւ քրտական ուժերուն վրայ՝ քաղաքայիններու դէմ յարձակումները դադարեցնելու համար:
<<Գիւղերու եւ քաղաքներու անկանոն ռմբակոծումը ծայրայեղօրէն մտահոգիչ է: Բոլոր կողմերը անյապաղ պէտք է դադրեցնեն յարձակումները>>, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ