Նոյնիսկ Ալիեւը կը խոստովանի, որ փակ դռներու ետին իր վրայ ճնշում կը գործադրեն ճանչնալու ԼՂ Անկախութիւնը. Նալբանդեան

By Asbarez | Saturday, 03 March 2018

0303nalbandian

<<Նիուզ>>ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դիւանագէտի օրուան նուիրուած իր յօդուածին մէջ գրած է հետեւեալը.

<<Մենք շարունակաբար աջակցութիւն ցուցա-բերած ենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ձեւաչափին եւ կրցած ենք չէզոքացնել զայն ձեւափոխելու, բանակցային գործընթացը այլ հարթակներ տեղափոխելու Պաքուի փորձերը։

Հակամարտութեան հանգուցալուծման գործընթացին մէջ, վերջին տարիներուն տեղի ունեցած են յղացական փոփոխութիւններ: Իրականացուած հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ մեր դիրքերը շեշտակիօրէն ամրապնդուած են:

Հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի առանցքին ընդունուած փաստաթուղթերու շարքին կ՛առանձնանան 2009էն սկսեալ համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով Լաքուիլլայի, Մուսկոկայի, Տովիլի, Լոս Կապոսի եւ Էնիսկիլենիի մէջ ընդունուած յայտարարութիւնները, ուր ամրագրուեցան հիմնահարցի կարգաւորման միասնական եւ անբաժանելի հիմք հանդիսացող սկզբունքներն ու տարրերը: Հայաստան, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, պատրաստակամութիւն յայտնեց անոնց հիման վրայ շարունակելու բանակցութիւնները՝ ուղղուած հիմնահարցի հանգուցալուծման:

Եթէ Ատրպէյճանը տարիներ շարունակ կը պնդէ, որ ղարաբաղեան հիմնահարցը պէտք է կարգաւորուի միայն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի հիման վրայ, ուստի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու այդ յայտարարութիւններով կ՛ամրագրուի, որ հակամարտութիւնը պիտի լուծուի հիմնուելով միջազգային իրաւունքի ոչ թէ մէկ, այլ երեք սկզբունքներու վրայ՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն ու ինքնորոշում: Եռանախագահող երկիրները յստակ կերպով նշեցին, որ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, իր իրաւական միջազգային պարտադիր ուժ ունեցող կամարտայայտութեան միջոցով: Նոյնիսկ Ատրպէյճանի ղեկավարը կը խոստովանի, որ փակ դռներու ետին իր վրայ ճնշում կը գործադրեն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Եռանախագահող երկիրներու յայտարարութիւններուն մէջ հրապարակայնօրէն ամրագրուեցան նաեւ թէ՛ Արցախի ու Հայաստանի միջեւ ցամաքային կապը, թէ՛ անվտանգութեան բազմաշերտ երաշխիքները: Վերոյիշեալ բոլոր դրոյթները ի սկզբանէ հանդիսացած են մեր դիրքորոշման անկիւնաքարը, իսկ այժմ դարձած են միջազգային հանրութեան մօտեցում:

Այս ցոյց կու տայ, թէ որքան համահունչ են մեր եւ միջազգային հանրութեան տեսակէտները, որ մենք կը խօսինք գրեթէ մէկ լեզուով:

Մեր դիւանագիտական աշխատանքին շնորհիւ ամրագրուեցաւ եւ Ապրիլ 2016ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք՝ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթնաժողովներուն վերահաստատուեցաւ, որ հիմնահարցի բանակցային կարգաւորումը այլընտրանք չունի: 1994-95ին եռանկողմ անժամկէտ զինադադարի համաձայնագիրներէն ետ կանգնելու Ատրպէյճանի փորձերուն իբրեւ պատասխան՝ Հայաստան եւ եռանախագահ երկիրները շարունակաբար կը շեշտեն, որ անոնք պէտք է անշեղօրէն իրականացուին>>։

 



comments