Թուրքիոյ Ամերիկեան դեսպանատունը կը փակուի ապահովական նկատառումներով

By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018

0305ankara us emb

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ ապահովական նկատառումներով՝ դեսպանատունը Մարտ 5ին եւ 6ին փակ պիտի մնայ: Դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեամբ նաեւ կոչ կատարուած է ամերիկացիներուն, որ հեռու մնան խճողուած վայրերէ եւ դեսպանատան տարածքէն՝ շեշտելով, որ դեսպանատունը իր բնականոն աշխատանքներուն պիտի վերսկսի այն ատեն, երբ ապահովական սպառնալիքները վերանան:

Աւելի ուշ, Անգարայի նահանգապետարանը յայտարարած էր, թէ ամերիկեան աղբիւրները թրքական հետախուզական կառոյցներուն տեղեկացուցած են, որ ամերիկեան դեսպանատան եւ ամերիկացիներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ կրնան տեղի ունենալ, ինչին իբրեւ հետեւանք ապահովական միջոցառումները խստացուած են։

Յետմիջօրէին հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւնները կանխած են ամերիկեան դեսպանատան դէմ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման անդամներուն կողմէ ծրագրուած յարձակում մը:

Պետական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան համաձայն՝ երկրի ազգային հետախուզական ծառայութիւնը (MIT) յատուկ գործողութիւն մը իրականացուցած է մայրաքաղաքին եւ Սեւ ծովու ափին գտնուող Սամսուն քաղաքին մէջ՝ ձերբակալելով Իրաքի չորս քաղաքացիներ:

 



comments