By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018
ՆԻԿՈՍԻԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Կիպրոս նախագահ Նիքոս Անասթասիատես յայտարարած է, որ ներկայիս Կիպրոսի կառավարութեան եւ կիպրացի թուրքերուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսումը անկարելի է՝ Թուրքիոյ եւ բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն քով խնդիրը լուծելու ցանկութեան բացակայութեամբ: Նախագահը նաեւ քննադատած է այն իրողութիւնը, որ լարուածութիւնը մեղմացնելու փոխարէն՝ Անգարա անընդունելի պայմաններ ու պահանջներ կը դնէ, ինչպէս նաեւ կը խախտէ Կիպրոսի գերիշխանութիւնը, Միջերկրական ծովու ջուրերուն՝ Կիպրոսի տնտեսական հատուածին մէջ անօրինական միջամտութիւններ կատարելով:
<<Այն, ինչ կ՛ուզէ եւ կը պահանջէ Հիւսիսային Կիպրոսը, ոչ թէ Կիպրոսի ժողովուրդի շահերէն կը բխի, այլ՝ Անգարայի ռազմավարական շահերէն>>, ըսած է Անասթասիատես:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիան մեղադրած էր միջազգային իրաւունքն ու Կիպրոսի գերիշխանութեան իրաւունքը խախտելու յանցանքով:
Նշենք, որ թրքական ծովուժի նաւերը խոչընդոտած են Միջերկրական ծովուն վրայ Կիպրոսի քարիւղի պեղումի աշխատանքները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ