Անկարելի է Թուրքիոյ վստահիլ. Նախագահ Ասատ

By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018

0305asad

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ֆարս>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական խորհրդատու Հիւսէյն Ճապրի Անսարիի հետ: Հանդիպոման ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ Սոչիի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու ծրագիրի մը մշակումը՝ ընդգծելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային բանագնաց Սթեֆան տէ Միսթուրա պէտք է իր առաքելութիւնը շարունակէ՝ իբրեւ երկխօսութիւնը դիւրացնող միջնորդ: Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ ապագայ քաղաքական ընտրանքներուն իմաստով վերջնական որոշումը միայն սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի:

Քննարկուեցան նաեւ Աֆրինի դէմ շարունակուող թրքական բռնարարքները:

<<Տեղի ունեցածը յարձակում է Սուրիոյ դէմ>>, ըսաւ Ասատ՝ աւելցնելով, որ Աֆրինի մէջ Անգարայի շղթայազերծած զինուորական գործողութեան նպատակն է պաշտպանել ահաբեկչական խմբաւորումները: Ան թրքական սոյն միջամտութիւնը համարեց Սուրիոյ դէմ նենգամիտ յարձակում մը:

<<Աֆրինի դէմ շարունակուող թրքական յարձակումները կ՛ապացուցեն Սուրիոյ դէմ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը փաստեն, որ թրքական քաղաքականութեան եւ վարչակազմին անկարելի է վստահիլ>>, ընդգծեց Ասատ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Արեւմուտքի ամբաստանութիւնը՝ Սուրիոյ բանակին դէմ յարձակում գործելու պատրուակ է: <<Արեւելեան Ղութայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ ահաբեկիչներուն վերահսկողութենէն դուրս գալ եւ վերադառնալ պետութեան գիրկը, ուստի ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնը պիտի շարունակուի՝ քաղաքայիններուն պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ դուրս գալու առիթը ընծայելով>>, ըսաւ ան:

Իր կարգին, Անսարի շեշտեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ մնայուն կերպով խորհրդակցելու Թեհրանի յանձնառութիւնը՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման առումով իրանեան կողմին ունենալիք որեւէ ներդրում՝ Սուրիոյ իշխանութեանց հետ համադրաբար պիտի կատարուի:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութեան հարցով իր երկրին ու Ռուսիոյ միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին: <<Աֆրինի շուրջ Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններ չունինք, իսկ Իտլիպի մէջ ներկայիս հսկողութեան կեդրոններու հաստատման գործողութիւն տեղի կ՛ունենայ>>, աւելցուց ան:

Էրտողան դարձեալ քննադատեց Միացեալ Նահանգները՝ քրտական ջոկատները Հալէպի հիւսիս-արեւելեան գիւղական շրջանի Մընպեճ քաղաքէն հեռացնելու վերաբերեալ <<իր խոստումները չյարգելուն համար>>:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իր երկրին ուժերը կը գտնուին Սուրիա եւ Իրաք՝ <<երկու երկիրներուն մէջ մեր եղբայրներու տառապանքներուն բալասան ըլլալու համար>>՝ պնդելով, որ <<Եփրատի վահան>> անունով մկրտուած նախկին գործողութեան նման, ներկայի <<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութեան նպատակն է ստեղծել <<ահաբեկիչներէ զուրկ շրջան մը, որ կեանքի ապահովութիւն կ՛երաշխաւորէ շրջանի արաբներուն, քիւրտերուն, թիւրքմէններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հալածանքի կ՛ենթարկուին>>:

 



comments