By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Ֆրանսայի Պուք-Պել-Էր քաղաքի քաղաքապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան ղեկավար պաշտօնեաներուն հետ:
Երկուշաբթի, 5 Մարտին, քաղաքապետ Ռիշար Մայէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող զանազան հարցեր:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշեց, որ Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ միաւորներու հետ փոխգործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ:
Պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մայիս Մայիլեանի հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ