ՄԱԿի մարդասիրական օժանդակութեան կարաւան մը արեւելեան Ղութա հասաւ

By Asbarez | Wednesday, 07 March 2018

0307Ghouta

ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿը յայտարարեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւան մը Մարտ 5ին կրցած է մուտք գործել Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մօտերը գտնուող Արեւելեան Ղութա շրջանը:

Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, Սուրիական Կարմիր Մահիկին ընկերակցութեամբ՝ 247 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրուած է Արեւելեան Ղութա:

Միջազգային Կարմիր Խաչի բանբեր Փաւել Քրիշիշիք, <<Թուիթըր>>ի վրայ գրառում մը կատարելով հաղորդած է, որ 46 բեռնակառքերէ բաղկացած կարաւան մը մեկնած է Արեւելեան Ղութա:

Միւս կողմէ, ռուսական բանակը յայտնեց, որ Արեւելեան Ղութայի զինեալները մարդասիրական օժանդակութիւններուն շրջան մուտքին դիմաց խոստացած են քաղաքայիններուն արտօնել իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն հեռանալ՝ օգտագործելով սուրիական բանակին կողմէ անցած քանի մը օրերուն տրամադրուած ապահով անցքերը:

 



comments