Թուրքիոյ ազգայնամոլ կուսակցութենէն հեռացած են աւելի քան 14,000 անդամներ

By Asbarez | Wednesday, 07 March 2018

0228MHP

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամներուն թիւը կտրուկ կերպով նուազած է վերջին 4.5 ամիսներուն, երբ կուսակցութեան շարքերէն հեռացած է 14,341 հոգի: Քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներու եւ գործունէութեանց վերահսկողութեամբ զբաղող հանրապետական դատախազութիւնը հրապարակած է տուեալներ, որոնց համաձայն՝ ներկայիս կուսակցութեան անդամներուն թիւը 484,574ի հասած է: Կուսակցութեան անդամներու արտահոսքին հիմնական պատճառը կուսակցութեան անդամ Մերալ Աքշեների հիմնած նոր՝ <<Լաւ>> կուսակցութեան անդամակցելու փափաքն է:

Նշենք, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 25ին հիմնուած <<Լաւ>> կուսակցութիւնը ներկայիս ունի 51,064 անդամ:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն թիւը վերջին 10 ամիսներուն աճած է 580 հազարով՝ հասնելով մօտաւորապէս 10 միլիոնի:

 


comments