By Asbarez | Wednesday, 07 March 2018
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Կուաթեմալայի նախագահ Ճէյմզ Մորալեզ յայտարարեց, որ իր երկիրը եւս Իսրայէլի մէջ իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ պիտի փոխադրէ յառաջիկայ Մայիսին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան նախատեսուած փոխադրումէն (Մայիս 15) երկու օր ետք: Մորալեզ այս յայտարարութիւնը կատարեց Ամերիկեան-իսրայէլեան հանրային հարցերու յանձնախումբի տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մարտ 5ին Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց շարք մը զեղծարարութիւններու համար հետապնդուող Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն՝ յայտնելով, որ <<եթէ կարենայ>>՝ անձամբ ներկայ պիտի գտնուի Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բացման արարողութեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ