By Asbarez | Wednesday, 07 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստան ներկայիս կը բանակցի Վրաստանի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Իրանի հետ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային երթեւեկութեան եւ տարանցիկ միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ:
Այս մասին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ յայտնած է Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Սամուէլ Ամիրխանեան:
Ըստ անոր՝ տարածաշրջանին մէջ առեւտուրի եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը ու ամրապնդումը այս ծրագիրի անկիւնաքարերէն են: Անիկա միտուած է բեռներու միջազգային փոխադրութիւններու եւ տարանցումներու դիւրացման, անոնց կառավարող ընթացակարգերու պարզացման, փոխադրութեան ծախսերու նուազեցման, ճանապարհային անվտանգութեան պայմաններու բարելաւման եւ այլ երկիրներէ բեռներու տարանցման ներգրաւման: <<Ծրագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի փոխադրողներու համար ցամաքային եւ ծովային փոխադրութիւնները օգտագործելու միջոցով դէպի միջազգային շուկաներ պարզացուած ընթացակարգով մուտք գործելուն: Ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ արագացնելու եւ դիւրացնելու արագ փճացող բեռներու տարանցումը՝ համապատասխան համաձայնագիրի պայմանաւորող կողմ հանդիսացող պետութիւններու սահմանները հատելու ատեն>>, բացատրած է Ամիրխանեան:
Ըստ նախարարութեան ներկայացուցիչին՝ ծրագիրով կը նախատեսուին միայն օրէնսդրութեամբ սահմանուած տուրքեր եւ վճարներ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, 17 Փետրուարին, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան Սեւ ծովուն եւ Պարսից ծոցին միջեւ տարանցիկ միջանցք ձեւաւորելու հարցով բանակցութիւններ կը վարէ բոլոր շահագրգիռ երկիրներուն հետ:
Նշենք, որ այս ծրագիրին մասին Հայաստանի մէջ յայտարարեց նաեւ Պուլկարիոյ նախագահը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ