Արցախի հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը չի կրնար երկար շարունակուիլ. Շոֆըր

By Asbarez | Thursday, 08 March 2018

0308shoffer COLOR

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շոֆըր յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում, միաժամանակ շեշտելով, թէ ներկայ իրավիճակը կարելի չէ երկար ժամանակով պահպանել։

Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին եւ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ՝ կը շարունակէ աշխուժօրէն գործակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ:

<<Արդար կարգաւորումը պէտք է հիմնուի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ, ներառեալ՝ Հելսինքիի եզրափակիչ որոշումը եւ անոր հիմնական սկզբունքները>>, աւելցուց ամերիկացի համանախագահը:


comments