By Asbarez | Thursday, 08 March 2018
ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի նախագահի հասարակական եւ քաղաքական հարցերով օգնական Ալի Հասանով յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Ատրպէյճանի սակաւաթիւ ռազմավարական գործընկերներէն մէկն է եւ կը շարունակէ Պաքուին համագործակցիլ՝ յատկապէս ռազմական, ռազմարհեստագիտական, գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ:
<<Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր իսրայէլացի մասնագէտներ կ՛աշխատին Ատրպէյճանի տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ։ Իսրայէլ հաստատուած են Ատրպէյճանէն գաղթած մեծ թիւով քաղաքացիներ՝ կամուրջ մը հանդիսանալով երկու երկիրներուն միջեւ։ Պաքուի հրէական համայնքը եւս նոյնպէս բարեկամական կապերու մէջ է Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի հետ>>, աւելցուցած է Հասանով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ