Թրամփի հետ տարակարծիք այլ խորհրդական մը կը հրաժարի

By Asbarez | Thursday, 08 March 2018

0308cohn

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Չորեքշաբթի, Մարտ 7ին, Սպիտակ տունը հաստատեց տարաձայնուող այն շշուկները, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի տնտեսական հարցերու գլխաւոր խորհրդական Կերի Քոհըն պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն։

Քոհըն, որ օրին քննադատած էր Վըրճինիայի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակած ամերիկացի ազգայնամոլները եւ անոնց դէմ բողոքողները իրարու հաւասարեցնելու Թրամփի խնդրայարոյց կեցուածքը, նաեւ կտրուկ կերպով կ՛ընդդիմանայ համաշխարհային առեւտուրի սահմանափակումներ եւ շարք մը երկիրներու դէմ պատժամիջոցներ պարտադրելու Թրամփի քայլերուն։

 



comments