Միջին Արեւելքի մէջ Ամերիկայի դիւանագիտական ներկայութեան տագնապ

By Asbarez | Friday, 09 March 2018

0308US ME

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Իսրայէլեան <<Ճերուսալէմ Փոսթ>> թերթը անդրադարձած է Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու դիմագրաւած դիւանագիտական ներկայութեան տագնապին՝ շեշտելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մօտ Ամերիկայի դեսպանին հրաժարականէն ետք, շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից նկատուող երկիրներէն միայն Իսրայէլի մէջ է որ ամերիկացի դեսպան կը պաշտօնավարէ։

Թերթը մտահոգիչ կը համարէ այս իրողութիւնը, նկատի ունենալով, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ այն միջոցին, երբ Ռուսիա շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը զգալիօրէն կ՛ամրապնդէ։

Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տեն Շեփիրօ եւս ազդարարած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ Ամերիկայի դիւանագիտական տկար ներկայութեան իբրեւ հետեւանք՝ Ամերիկայի շահերը կրնան յատկանշական վնասներ կրել։ Ան աւելցուցած է, թէ Ռուսիոյ շրջան <<վերադարձ>>ը զգալի սկսած է դառնալու, յատկապէս՝ Սուրիոյ պատերազմին մէջ Ռուսիոյ ներգրաւումէն ի վեր։

Թերթը կը գրէ, թէ այս արտասովոր իրավիճակին պատճառներէն մէկը այն է, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ բաւարար կարեւորութիւն չի տար դիւանագիտութեան, ինչին իբրեւ հետեւանք՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանուր առմամբ զգալիօրէն տուժած է անոր իշխանութեան շրջանին։

 

comments

Advertisement