Տարեկան մինչեւ 12 միլիոն աղջիկ կ՛ամուսնանայ նախքան չափահաս դառնալը

By Asbarez | Friday, 09 March 2018

0309underage-marriage

ՄԱԿ - ՄԱԿի Երեխաներու հարցերով զբաղող կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԻՍԵՖի տուեալներով, վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, աշխարհի մէջ մինչեւ 18 տարեկան աղջիկներու ամուսնութիւններուն թիւը նուազած է 15 տոկոսով: Զեկոյցին համաձայն՝ տակաւին տարեկան գրեթէ 12 միլիոն աղջիկ կ՛ամուսնանայ՝ նախքան չափահաս դառնալը, իսկ այժմ աշխարհի տարածքին կան 650 միլիոն կանայք, որոնք ամուսնացած են նախքան 18 տարեկան դառնալը:

Զեկոյցի հեղինակները կը նշեն, որ մանուկներու ամուսնութիւններուն դէմ պայքարին մէջ աւելի արդիւնաբեր եղած են հարաւային Ասիոյ երկիրներուն մէջ տարուող ջանքերը: Արդարեւ, հոն ցուցանիշները նուազած են 20 տոկոսով: Այս մէկը պայմանաւորուած է յատկապէս Հնդկաստանի մէջ արձանագրուած արդիւնքներով:

ՄԱԿը կը յիշեցնէ, որ աղջիկներու կանուխ ամուսնութիւնները կը յանգեցնեն ծննդաբերութեանց եւ մայրութեան, երբ անոնք տակաւին ֆիզիքապէս ու հոգեպէս պատրաստ չեն: Նաեւ, նման ամուսնութիւններ զգալիօրէն կը բարձրացնեն կողակիցներուն կողմէ սեռային բռնութիւններու վտանգը, ինչպէս նաեւ կը խանգարեն կրթութեան սովորական ընթացքը եւ մասնագիտութեանց ձեռքբերումը:

<<Մանուկներու ամուսնութիւնները վատ հետեւանքներ կը ձգեն նաեւ հասարակութեան վրայ>>, ըսած է ՄԱԿի Մանկական հիմնարկի սերնդաբանութեան հարցերով խորհրդական Անժի Մալխոտրան՝ նշելով, որ նման ամուսնութիւններ կը խանգարեն աղքատութենէ ազատելու գծով ջանքերը: Ան աւելցուցած է, թէ նման ամուսնութիւններէ առաւել կը տուժեն աղջիկները:

<<Նկատի առնելով, որ մանուկներու ամուսնութիւնները ինչպիսի՛ էական ազդեցութիւն կ՛ունենան աղջիկներու կեանքին վրայ, մեզ կ՛ուրախացնէ ցուցանիշներու որեւէ կրճատում: Սակայն, մենք այդ առումով դեռ շատ ընելիք ունինք>>, ըսած է Մալխոտրան՝ յիշեցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը նպատակ ունի մինչեւ 2030 թուական ամբողջութեամբ վերջ դնելու նման ամուսնութիւններու:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ մանուկներու ամուսնութիւններու ամենաբարձր ցուցանիշները արձանագրուած են Նիճերիոյ, Չատի եւ Պանկլատեշի մէջ:

 



comments