Հայաստան ամենաաժան 50 երկիրներու ցանկին վրայ 34ն է

By Asbarez | Friday, 09 March 2018

0309yerevan

<<Արցախփրէս>>ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան 34րդ տեղը յայտնուած է ամենաաժան 50 երկիրներու ցանկին վրայ, զոր կազմած է GOBankingRates-ը։ <<Ցնցող տեսարաններ՝ յունահռոմէական եւ միջնադարեան փլատակներով հարուստ, սակայն այդ մէկը միակ պատճառը չէ, որուն համար դուք պիտի ուզէիք ձեր ամբողջ կեանքը անցընել Հայաստանի մէջ: Այդ երկիրը ամէնէն աժան երկիրներէն է, ուր վարձավճարը 91 տոկոսով ցած է Նիւ Եորքի հետ բաղդատած>>։

Հայաստանի հարեւանները՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան, յաջորդաբար գրաւած են 35րդ եւ 16րդ տեղերը:

Վարկանիշի առաջատարներն են՝ Հնդկաստան, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան:

 



comments