By Asbarez | Tuesday, 13 March 2018
ԼՈՆՏՈՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Լոնտոնի <<Արսենալ>> ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Անգլիոյ բարձրագոյն մրցաշարքի հերթական խաղին ու փայլեցաւ իր խաղարկութեամբ։ <<Ուաթֆըրտ>>ի դէմ մրցումը աւարտեցաւ <<Արսենալ>>ի 3-0 յաղթանակով։ Մրցումի 59րդ վայրկեանին, Մխիթարեան դաշտի կէսէն յառաջանալով՝ հոյակապ կօլային փոխանցում մը կատարեց Օպամէյանկին, որմէ 18 վայրկեան ետք, այս անգամ Մխիթարեանն էր, որ կօլային փոխանցում մը ստացաւ նոյն մարզիկէն՝ նշանակելով մրցումին երկրորդ կօլը։
Մխիթարեան իր խումբի համակիրներուն կողմէ ընտրուեցաւ սոյն մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ