Արոնեան-Մամետեարով 0.5-0.5

By Asbarez | Tuesday, 13 March 2018

0313aronian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պերլինի մէջ կայացող ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան յաւակնորդներու մրցաշարքի երկրորդ մրցումին, Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ աւարտեց ատրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ մրցումը:

Արոնեան, որ առաջին մրցումը եւս հաւասարութեամբ աւարտած էր չինացի Տին Լիրենի դէմ, երրորդ խաղը պիտի ունենայ ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի դէմ:

Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարած է Արոնեանի առաջին մրցումին առաջին շարժումը։

 



comments