By Asbarez | Tuesday, 13 March 2018
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատ բացած է <<Ա. Հապեր>> կայանին կողմէ հրապարակուած լուրի մը կապակցութեամբ, որ կը կրէր՝ <<Կարօ Փայլանէն Սեւ Քարոզչութիւն>> խորագիրը եւ կ՛առնչուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատելու Փայլանի քայլին։
Փայլան դիտել կու տայ, որ այդ լրատուութիւնը իր մասին զրպարտութիւններ կը բովանդակէ, եւ որ լուրի հաղորդման ընթացքին իր անձին դէմ անարգական արտայայտութիւն կատարուած է։
Հարցը կը վերաբերի Փայլանի ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ հանդիպման ընթացքին խօսուածներուն։ Կարօ Փայլան կը գրէ, որ Փարիզի մէջ Մաքրոնի հետ քննարկութեան նիւթ դարձած էին Սուրիոյ վերջին քաղաքական զարգացումները եւ Աֆրինի հարցով իրենց մտահոգութիւնները։ Իր այս արտայայտութիւնները սփռուած են ֆրանսական <<Ֆրանս 24>> կայանէն։ Արդարեւ, իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսած է, թէ քրտամէտ կուսակցութիւնը ժողովրդավարութիւն կ՛առաջարկէ եւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն հիմնել կը փափաքի, նաեւ աւելցուցած է, որ իբրեւ հայ՝ ինք մտավախութիւններ ունի։
<<100 տարի առաջ միեւնոյն բանը եկաւ հայոց գլխուն, տագնապը ցեղասպանութեամբ վերջ գտաւ։ Այն ատեն հայերը առաջարկներ ունէին, իսկ հիմա քիւրտերն են որ առաջարկներ ունին, եւ դժբախտաբար, կառավարութիւնը այս առաջարկներուն պատասխան չի տար։ Մարդիկ Թուրքիոյ մէջ հաւասարութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն կ՛ուզեն։ Մեր խոստումն ալ Թուրքիոյ ա՛յս է։ Ես մինչեւ այսօր, որպէս քաղաքագէտ, միշտ խաղաղութեան պաշտպան հանդիսացայ։ Այսպէս՝ <<Ֆրանս 24>> կայանէն համոզումս ցոլացուցի։ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ տեղի ունեցած պայքարին մասին իմ մտավախութիւններս յայտնեցի։ Յայտնեցի, որ բախումներով եւ պատերազմներով տեղ մը հասնիլ կարելի չէ>>, կ՛ըսէ Փայլան։
Ան ապա կը յայտնէ որ իր խօսածները թրքական լրատուական կեդրոններէն՝ զրպարտութիւններով եւ անարգանքներով զարդարուած ու իր անձին դէմ մահափորձի ձեւը առած են, եւ ա՛յդ պատճառով է, որ այժմ որոշած է դատական իշխանութիւններուն դիմել։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ