Քիմիական զէնքերու աշխատանոց մը յայտնաբերուեցաւ Ղութայի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 14 March 2018

0314Ghouta

ՄՈՍԿՈՒԱ - Ռուսական <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Սուրիոյ բանակէն սպայի մը, հաղորդեց, որ Դամասկոսի կից գտնուող արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերուած է ապօրինի զինեալ խմբաւորումի մը պատկանող քիմիական զէնքեր պատրաստելու աշխատանոց մը:

Աշխատանոցը կը գտնուի Աֆթարիս գիւղին մէջ:

Սուրիական պետական լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ Սուրիոյ բանակը Աֆթարիս գիւղը ամբողջութեամբ առած է իր վերահսկողութեան տակ:

Հաշտութեան ռուսական կեդրոնը տեղեկացուց, որ արեւելեան Ղութայի զինեալները իրարու միջեւ ճակատումի սկսած են, շրջանէն դուրս գալուն շուրջ բանակցութեանց ընթացքին ծագած տարակարծութիւններուն հետեւանքով։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ բանակը Հարասթա գտնուող զինեալները առաւ ամբողջական պաշարման տակ:

Ռուսական պատկերասփիւռը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը ապահովեց շարք մը ընտանիքներու արեւելեան Ղութայէն դուրս գալը ազատագրուած Մատիրա գիւղին ճամբով:

Մինչ այդ, Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրեց ժապաւէն մը, ուր Համուրիա գիւղի բնակիչները Սուրիոյ բանակին կոչ կ՛ուղղեն մուտք գործելու գիւղ։

 


comments

Advertisement