Անգարա կոչ կ՛ընէ՝ պատժելու Պերլինի Թրքական մզկիթին վրայ յարձակողները

By Asbarez | Wednesday, 14 March 2018

 

0315Germany-Turkey

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Գերմանիոյ մէջ թրքական երկու մզկիթի դէմ յարձակումի դէպքին եւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական <<Թէ.Ռէ.Թէ.>> պատկերասփիւռի կայանը:

Պերլինի երկու տարբեր շրջաններու մէջ թրքական մզկիթներու դէմ միաժամանակ կատարուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը:

<<Վերջերս մտահոգութեամբ կը հետեւինք Գերմանիոյ մէջ հակաիսլամ եւ ազգայնամոլ շրջանակներու, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ մզկիթներու վրայ յարձակումներու աճին: Քրտական կուսակցութեան կողմէ յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնելը անգամ մը եւս ջուրի երես հանած է այդ խմբաւորման իսկական դէմքը: Մխիթարող միակ հանգամանքը՝ միջադէպին ընթացքին զոհեր չարձանագրուիլն է>>, ըսուած է հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ կոչ ուղղած է յստակ քայլեր որդեգրելու՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը բացառելու, յարձակումին մեղաւորները գտնելու եւ զանոնք պատժելու համար:

 



comments