By Asbarez | Wednesday, 14 March 2018
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Մարտ 13ին հաղորդուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն հեռացուած է իր պաշտօնէն, որովհետեւ ան, ըստ նախագահ Տանըլտ Թրամփի, <<շարք մը հարցերու գծով տարակարծութիւններ ունէր>> նախագահին հետ։
Նշենք, որ նախարարը տարակարծիք էր յատկապէս Իրանի, Իսրայէլ-Պաղեստին տագնապին եւ Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ Թրամփի որդեգրած քաղաքական մօտեցումներուն հետ եւ քանի մը ամիս առաջ, քուլիսներու ետին տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, <<տխմար>> կոչած էր նախագահը։ Այդ լուրին սպրդումէն ետք, Թիլըրսըն ոչ հաստատած էր, ոչ ալ հերքած իր այդ արժէւորումը։
Թրամփ նոր արտաքին գործոց նախարար նշանակեց <<Սի.Այ.Էյ.>>ի տնօրէն Մայք Փոմփէօն, իսկ անոր տեղակալը՝ Ճինա Հեսփըլ նշանակուեցաւ <<Սի.Այ.Էյ.>>ի տնօրէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ