Հերթական բռնցքամարտ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ

By Asbarez | Thursday, 15 March 2018

0315trk brawl

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի օր անքուն գիշեր մը ապրեցաւ՝ ընտրական նոր օրէնքի մը քննարկումին իբրեւ հետեւանք, որ իշխող եւ ազգայնամոլ կուսակցութիւններու յաղթանակը պիտի դիւրացնէ յառաջիկայ ընտրութեան ընթացքին։

Բազմաթիւ երեսփոխաններ քնացան քննարկումներուն ընթացքին եւ մերթ ընդ մերթ արթննալով՝ մասնակցեցան քուէարկութեան։ Այս օրինագիծը դարձեալ բռնցքամարտի մը առաջնորդեց, եւ այս անգամ կռիւի <<հերոս>>ներն էին ընդդիմադիր հանրապետական եւ իշխանամէտ ազգայնամոլ երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ կարգ մը թիկնապահներ, որոնք անգամ մը եւս ծեծվռտուքի բռնուեցան երկրի օրէնսդիր մարմինի դահլիճին եւ միջանցքներուն մէջ։

Նիստը միջոցի մը համար ընդմիջուեցաւ, բայց Չորեքշաբթի կանուխ ժամերուն, իշխող եւ ազգայնամոլ կուսակցութիւններու քուէներով վաւերացուեցաւ օրինագիծը, հակառակ անոր որ ընդդիմութեան խոստացուած էր քննարկումները շարունակել մինչեւ Ուրբաթ։

 



comments

Advertisement