Արցախի հարցը տակաւին բաց վէրք է. Թուրքիոյ վարչապետ

By Asbarez | Thursday, 15 March 2018

0315yildirim

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճան այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Մարտ 14ին հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Ասատովի հետ հանդիպման ժամանակ, Եըլտըրըմ, անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան՝ ըսաւ. <<Լեռնային Ղարաբաղի հարցը տակաւին բաց վէրք մըն է: Անշուշտ օր մը այս սխալը պիտի շտկուի: Թուրքիա պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի կողքին ըլլալ այդ արդար գործին մէջ: Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման տեսանկիւնէն՝ Ատրպէյճան պէտք է ուժեղ ըլլայ>>, յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետը:

Թուրքիոյ վարչապետը Ատրպէյճանի մէջ պիտի մասնակցի Պաքուի 6րդ համաշխարհային համաժողովին եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ այլ երկիրներու նախագահներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

 

comments

Advertisement