Զէնքերու դէմ ցոյցեր Միացեալ Նահանգներու տարածքին

By Asbarez | Thursday, 15 March 2018

0315guns

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին, Ֆլորիտայի վարժարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած եւ 17 զոհ խլած զինեալ յարձակումէն ամիս մը ետք, վարժարանի աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու տարածքին բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան՝ պահանջելով սահմանափակել զէնքերու սանձարձակ առուծախը եւ զէնք կրելու իրաւասութիւնը։

Աւելի քան 2000 վարժարաններու աշակերտներ դասադուլներով եւ բողոքի ցոյցերով մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան։ Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ զէնք կրելուն եւ անոր ազատ առեւտուրին ջատագով նախագահին պատկանող <<Թրամփ Թաուըր>> պանդոկին (Նիւ Եորք) եւ Սպիտակ տան առջեւ։

 



comments

Advertisement