Սերժ Սարգսեան ընդունեց Ռուսիոյ ծերակոյտի միջազգային հարցերու Կոմիտէի նախագահը

By Asbarez | Thursday, 15 March 2018

0315serj rus

ԵՐԵՒԱՆ - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի օր ընդունեց Ռուսիոյ ծերակոյտի Միջազգային հարցերու կոմիտէի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի հետ կոմիտէի համատեղ նիստեր ունենալու նպատակով:

Սոյն հանդիպումը գնահատելով՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ. <<Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները առանձնանում են բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներում ակտիւ երկխօսութեամբ ու արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ բոլոր ոլորտներում՝ տնտեսական, ռազմական, ռազմատեխնիկական եւ հումանիտար>>:

Ընդգծելով, որ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի ռազմավարական յարաբերութիւններու անընդհատ եւ հետեւողական ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է՝ նախագահը աւելցուց. <<Հայաստանը ցանկանում է կառուցողական եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել բոլոր այն ինտեգրացիոն միաւորումների հետ, որոնք կարեւոր դեր են խաղում տարածաշրջանում>>: Առ այդ, նախագահը շնորհակալութիւն  յայտնեց Քոնսթանթին Քոսաչեւին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ տարբեր հարթակներու վրայ արտայայտած անոր առարկայական դիրքորոշումին համար:

Քոնսթանթին Քոսաչեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց կառուցողական մթնոլորտի մէջ խորհրդարանականներու Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համատեղ նիստերուն քննարկուած հարցերն ու ընդունուած որոշումները, որոնք միտուած են երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման: Ան վստահեցուց, որ խորհրդարանական մակարդակով հայ գործընկերներու հետ կը փորձեն լիարժէք կերպով իրականացնել այն գործընկերային ու բարեկամական մեծ ներուժը, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահները կը ներդնեն երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ:

 



comments

Advertisement