Ուաշինկթըն կը փորձէ մասնատել Սուրիան. Լաւրով

By Asbarez | Friday, 16 March 2018

 

0316Afrin

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Մարտ 14ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. <<Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ռազմակայաններ կը հաստատէ, եւ անկասկած կը փորձէ երկիրը մասնատել ու յաւիտեանս հոն տեղաւորուիլ: Այժմ աշխատանք կը տարուի Արեւելեան Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման սադրիչ գործողութեան մը վրայ>>:

Իր կարգին Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ դրական տեղաշարժներ կը տեսնուին՝ աւելցնելով. <<Սուրիոյ մէջ կան <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի նման կազմակերպութիւններ, որոնց դէմ Ռուսիոյ հետ պէտք է պայքարինք: Մենք Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կը զօրակցինք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան>>։

Ան նաեւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարարը պէտք է գիտակցի, թէ պէտք է յարգե՛լ Թուրքիան:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին մեկնաբանելով Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնազրկումը՝ ըսաւ. <<Թուրքիոյ կեցուածքը յստակ է. ան մեծ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր, թէ նոր արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօն ի՛նչ կը մտածէ իր մասին: Կը յուսամ, որ յառաջիկային առողջ յարաբերութիւններ կը կառուցուին>>:

Նշենք, որ թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> կայքը գրած էր. <<Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրին դէմ արտայայտուած Փոմփէօն Յուլիս 15ի զինուորական յեղաշրջման փորձին անմիջապէս յաջորդ օրը <<Թուիթըր>>ի վրայ Թուրքիան որակած էր <<ամբողջատիրական իսլամական բռնապետութիւն>>: Որոշ ժամանակ մը ետք ան ջնջած էր իր գրառումը>>:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզէֆ Վոթըլ յայտարարած է, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ իր քայլերով սկսած է ազդելու թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, ինչ որ կը մտահոգէ ամերիկեան կողմը:

<<Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կ՛ուզեմ շեշտել դերը Ռուսիոյ, որ երկակի վարք կը դրսեւորէ եւ կը նպաստէ շրջանին մէջ մեր ռազմավարական գործընկերոջ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան աճին: Մենք անհանգստացած ենք Ռուսիոյ՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ստանձնած դերէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն վրայ այդ բոլորին ունեցած հետեւանքներէն>>, <<Հիւրրիյէթ>> թերթի թղթակիցին ըսած է ամերիկացի զօրավարը:

Նաեւ, Աֆրինի մէջ, Սուրիոյ կառավարութեան համակիր ուժերը Մարտ 14ին հակադարձած են իրենց շարքերուն մէջ 8 զոհ պատճառած թրքական ռմբակոծումին: Ռմբակոծուած են Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մարեհ գիւղին մէջ գտնուող թրքական ուժերուն դիրքերը:

Թրքական հրետանին եւ օդուժը նոյն երեկոյեան դարձեալ ռմբակոծած են Աֆրին քաղաքի կեդրոնը, իսկ թրքական բանակը կը յայտարարէ, որ արդէն պաշարած է Աֆրին քաղաքը, սակայն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը հերքեն այդ պնդումը:

 



comments

Advertisement