Ֆրանսա եւ Սպանիա կը գրաւեն Ռիֆաաթ Ասատի 850 Միլիոն Տոլար արժող կալուածները

By Asbarez | Friday, 16 March 2018

0316rifaat

ԼՈՆՏՈՆ, <<Թայմզ>> - Ֆրանսայի մաքսային ծառայութիւնը, համագործակցութեամբ սպանացի իր գործընկերներուն՝ Մարտ 14ին գրաւած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հօրեղբօր կալուածները, որոնց արժէքը կը գնահատուի աւելի քան 850 միլիոն տոլարով։

Կալուածներուն ամենաարժէքաւոր մասը կը գտնուի Փարիզի մէջ, սակայն յատկանշական կալուածներ կան նաեւ Սպանիոյ Մարապել շրջանին մէջ։

Ֆրանսական <<Ֆիկարօ>> թերթը կը հաղորդէ, թէ գրաւուած է Ռիֆաաթ Ասատին ու անոր հարազատներուն պատկանող 503 կառոյց։ Անոնց մէջ կան պանդոկներ, ճաշարաններ եւ շքեղ բնակարաններ։

Անցեալ տարուան Ապրիլին սկսած էր Ռիֆաաթ Ասատի դէմ դատական հետաքննութիւնը։ Ան կ՛ամբաստանուի շարք մը զեղծարարութիւններով։ Այդ թուականէն սկսեալ արդէն սառեցուած էին անոր եւ անոր մօտիկ 15 անձերու ու 76 հաստատութիւններու դրամատնային հաշիւները։

 



comments

Advertisement