Արցախցի փոքրիկին պատրաստած Սթիւըն Հոքինկի դիմանկարը

By Asbarez | Friday, 16 March 2018

0316hawking

9րդ դասարանցի 14ամեայ Անի Գէորգեան, որ կը յաճախէ Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցը, 2015ի ամրան աշխարհահռչակ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան Սթիւըն Հոքինկին նուիրած էր Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն համայնքի ծովաշուշաններով պատրաստուած անոր դիմանկարը:

Ըստ <<Արցախփրէս>>ի՝ Անի Գէորգեան պատմած է, որ Հոքինկի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յառաջացած է այն ատեն, երբ իմացած է, որ սահմանափակ ֆիզիկական կարողութիւններով մարդը դարձած է աշխարհահռչակ գիտնական:

<<Այս բանը զիս շատ ոգեւորած է եւ երբ 2015ին տեղեկացայ, որ Արցախ կը գտնուի յայտնի աստղաֆիզիկոս Գարիկ Իսրայէլեան, որ անձամբ կապ ունէր Հոքինկի հետ, խնդրեցի անորմէ իր ձեռքով պատրաստած դիմանկարը փոխանցել մեծ գիտնականին: Ապա տեղեկացայ, որ քանի մը ամիս ետք դիմանկարը հասած է հասցէատիրոջ, որ շատ հաւնած է իմ աշխատանքը>> պատմեցէ Ա. Գէորգեան:

Նշենք, որ աշխարհահռչակ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան Սթիւըն Հոքինկ մահացաւ 14 Մարտին:

0316Ani

comments

Advertisement