By Asbarez | Saturday, 17 March 2018
ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, ՄԱԿի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին իրականացուցած երկշաբաթեայ գիտաժողովի ծիրէն ներս, Մարտ 12ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ կանանց իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը, որուն ներկայ եղած են ՄԱԿի շարք մը բաժանմունքներէ, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ անհատներ։ Ներկաներուն մէջ կային ՀՕՄի առնուազն 55 անդամներ՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, Գանատայէն, Յունաստանէն եւ Հայաստանէն։
Քննարկումին բացումը ՀՕՄի անունով կատարեց դոկտ. Նայիրի Տէրտէրան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ բեմ հրաւիրեց ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպան Զօհրապ Մնացականեանը։
Դեսպանը շեշտեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն կիները, յատկապէս գիւղական շրջաններէն, ներգրաւելու երկրի տնտեսութեան զանազան մարզերուն մէջ՝ յաւելեալ կարելիութիւններ ընձեռելով անոնց։
Ապա, Հայաստանի գիւղերուն մէջ ձեռային աշխատանքներու արտադրութիւնը խթանող եւ անոնց առեւտուրը դիւրացնող <<Հայրենիքի զարգացման>> նախաձեռնութենէն՝ Արազ Չիլոյեան, մանրամասնութիւններ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։
Իր կարգին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրան ներկայացուց Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ ՀՕՄի շարք մը ծրագիրները՝ լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս ՀՕՄի <<Մօր եւ Մանկան>> առողջապահական կեդրոնի իրագործումները, որ-ոնցմէ օգտուած են աւելի քան 150 հազար քաղաքացիներ՝ 1998էն ի վեր։ Ան ներկայացուց նաեւ ՀՕՄի ջերմոցներու եւ ոռոգման ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին ՄԱԿի հետ գործակցաբար։
Նշենք, որ սոյն երկշաբաթեայ գիտաժողովին ընթացքին, ՀՕՄը նաեւ համահովանաւորած էր գիւղական շրջաններու մէջ ապրող կանանց առողջապահութեան նուիրուած քննարկում մը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ