Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած է նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018

0321sarkozy

ՓԱՐԻԶ, <<Կարտիըն>> - Երեքշաբթի, Մարտ 20ին, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հարցաքննուելու համար ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ, իր նախագահական ընտրապայքարի օրերուն Լիպիոյ իշխանութիւններէն գումարներ ստանալու գծով բացուծ հետապնդումի ծիրէն ներս։

Նախկին նախագահը կ՛ամբաստանուի 2007ի իր ընտրապայքարին համար ապօրինի միջոցներով Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիէն մօտաւորապէս 50 միլիոն եուրօ ստանալու յանցանքով։

63ամեայ Սարքոզին, որ Ֆրանսայի նախագահն էր 2007-2012 տարիներուն, կը հերքէ այս ամբաստանութիւնը, որ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ 2013ին։ Հետապնդումը նոր կեանք ստացաւ 2016ին, երբ լիբանանեան ծագումով ֆրանսացի մեծահարուստ գործարար Զիատ Թաքիըտտին խոստովանեցաւ, թէ Ֆրանսայի նշեալ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ ինք՝ անձամբ, առնուազն երեք առիթներով, Լիպիայէն բերուած 1.5-2 միլիոն եուրօ կանխիկ գումարներ յանձնած է Սարքոզիին եւ անոր օգնականներուն:

Յիշեցնենք, որ նախագահ ընտրուելէն ետք, Սարքոզի Քազաֆին Փարիզ հրաւիրած էր եւ մեծ պատիւներով հիւրընկալած զայն իր նախագահական պալատին մէջ, սակայն 2011ին աջակցած էր Լիպիոյ դէմ սկսած ՆԱԹՕի գործողութեան, որ աւելի ուշ Քազաֆիի սպանութեան առաջնորդեց։

 



comments

Advertisement