Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը պատմական է - Իշխանեան

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018

0321davit

Միացեալ Նահանգներ այցելած Արցախի պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան <<Ապառաժ>> թերթին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին պատմական որակած է այս պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը:

Այցելութեան ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց ամերիկեան Քոնկրես եւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու կեդրոն:

<<Այցելութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ չճանչցուած երկրի մը պատուիրակութիւն ըլլալով հանդերձ, կրցանք քաղաքական նոր կապերու եւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման նոր հիմեր դնել>>, նշեց Դ. Իշխանեան:

Քաղաքական հանդիպումներէն բացի, տեղի ունեցան նաեւ շարք մը հանդիպումներ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

<<Կարելիութիւն ունեցանք ծանօթանալու տեղւոյն հայկական համայնքի ներուժին եւ անոր կողմէ տարուող քաղաքական աշխատանքներուն>>, դիտել տուաւ Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական կառոյցները բաւական մեծ կարելիութիւն եւ ներուժ ունին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթը ամրապնդելու համար:

 



comments

Advertisement