Թալիշի ուղղութեամբ թշնամիի անօդաչու թռչող սարք մը զգետնուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018

0321drone

ԵՐԵՒԱՆ - 19 Մարտին, պաշտպանութեան բանակի դիրքապահներուն կողմէ զգետնուեցաւ ատրպէյճանական հետախուզական անօդաչու թռչող սարք մը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ աւելցնելով, որ թշնամիին անօդաչու սարքը զգետնուեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30ի շուրջ, արցախ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ) հատուածին մէջ:


comments

Advertisement