By Asbarez | Thursday, 22 March 2018
ՊԱՂՏԱՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Պաղտատի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը յայտարարեց, որ Մարտ 21ին իր երկիրը Իրաքի հետ սահմանին վրայ ձեռնարկած է զինուորական գործողութիւններու՝ սահմանը <<ահաբեկչական թաքստոցներէ մաքրելու>> համար: Այդ գործողութեան ձեռնարկուած է՝ գործակցութեամբ Իրաքի կառավարութեան:
Իր կարգին, Իրաքի արդարադատութեան նախարարը նշեց, որ իր կառավարութիւնը <<բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է>>՝ ապահովելով հասարակաց սահմանին վրայ թրքական բոլոր պահանջները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ նշած էր, թէ իր երկիրը հիւսիսային Իրաքի Սինճար գաւառին մէջ կրնայ շղթայազերծել զինուորական գործողութիւն մը՝ այդ շրջանը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներէն ձերբազատելու համար: Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած էր, թէ Թուրքիա, անհրաժեշտութեան պարագային, հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան մը պիտի ձեռնարկէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ