By Asbarez | Thursday, 22 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Ֆրանսայի մէջ քրտական կազմակերպութիւնները երեխաներու հարցերու նուիրուած ՄԱԿի ԵՈՒՆԻՍԵՖ կազմակերպութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարած են Մարտ 21ին, յանուն Աֆրինի երեխաներուն, միաժամանակ դատապարտելով Աֆրինի բռնագրաւումը Թուրքիոյ կողմէ:
Ֆրանսայի Ժողովրդավարական քրտական խորհուրդին եւ Քիւրտ կանանց շարժումի կոչին ընդառաջելով՝ քիւրտ աշակերտները նաեւ միօրեայ դասադուլ կատարած են, Աֆրինի մէջ սպաննուած մեծ թիւով երեխաներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու նպատակով։
Ցուցարարներուն պարզած պաստառներուն վրայ գրուած էր՝ <<Ձեր լռութիւնը կը սպաննէ մեզ>>, <<Բոլորս աֆրինցի երեխաներ ենք>> եւ <<Էրտողան՝ մարդասպա՛ն>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ