Հայաստան եւ Իսրայէլ կը խուսափին կրկնակի հարկումէ

By Asbarez | Friday, 23 March 2018

0323gov

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, Մարտ 22ի նիստին ընթացքին հաստատեց «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իսրայէլի միջեւ եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու եւ հարկումէ խուսափիլը կանխելու մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու որոշումը:

Որոշման նախագիծը ներկայացուց ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան:

<<Այս պահի դրութեամբ արդէն 46 երկրի հետ ունենք ստորագրուած, վաւերացուած, ուժի մէջ մտած նախագիծ, վերջերս ստորագրեցինք նաեւ Դանիայի հետ: Ընթացիկ տարում մօտ երեք երկրների հետ ունենք գրեթէ աւարտուած ընթացակարգեր, իսկ մինչեւ տարուայ վերջ երեւի թէ եւս չորս երկրների հետ կ՛աւարտենք բանակցութիւնները եւ կը պատրաստենք ստորագրութեան>>, ըսաւ նախարարը:


comments