By Asbarez | Saturday, 24 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) աւելի քան 3.5 միլիոն տոլարի ապրանք ձեռք բերած է կապի եւ հեռահաղորդակցութեան սարքեր արտադրող Եարոսլաւեան ռատիօգործարանէն: Ռուսական Yarreg.ru-ին այս մասին յայտնած է <<ՌՏԻ>> ընկերութեան տնօրէն Սերկէյ Եակուշեւ՝ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին:
Եակուշեւ յայտնած է, որ գնուած սարքերուն ամբողջ խմբաքանակի մատակարարումը Հայաստանին աւարտած է 2018ին: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ գործարանը եւս 1 միլիոն տոլարի պայմանագիր ունի Հայաստանի ՊՆին հետ եւ լրացուցիչ 3.5 միլիոն տոլարի գործարք մը, կրնայ ըլլալ, որ կատարուի <<Ռոսօբորոնէքսպորտի>> միջոցով:
Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարճ ալիքի յաճախականութեան Ռ168-100 եւ Ռ168-5 ռադիօկայաններու մեծ խմբաքանակի մատակարարման պայմանագիր կնքած էր 2017ի գարնան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ