By Asbarez | Saturday, 24 March 2018
Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, լրագրող Ալեքսանտր Լափշին, որ Արցախ այցելելուն պատճառաւ Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած էր, ազատ արձակուելէն ետք դարձեալ մտադրած է այցելել Հայաստան: Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ այս մասին <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ գրած է Լափշին՝ տեղեկացնելով, որ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի 20էն 22 Ապրիլ իրականացուող Tour Expo 2018 միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին:
Ան կատակած է, որ Հայաստանի մէջ պիտի ներկայացնէ Ատրպէյճանի մէջ ունեցած իր: <<Ես զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով պիտի մեկնիմ Երեւան: Պիտի ներկայացնեմ իմ հեղինակային ծրագիրը՝ <<Լափշինի Հետքերով՝ Պաքուի Մէջ>>ը։ Ծրագիրը կը ներառէ թռիչք Մեհրիպան Ալիեւիայի (Ատրպէյճանի առաջին տիկնոջ) անձնական օդանաւով, հանգիստ Քիւրտախանի բանտին մէջ՝ all inclusive, եւ Պաքուի ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարանը: Պտոյտին արժողութիւնը՝ պայմանագրային… կատակ է: Իրականութեան մէջ ցուցահանդէսին պիտի պատմեմ ճանապարհորդութիւններու մասին, հետաքրքրական պիտի ըլլայ, այցելեցէք, Ատրպէյճանի մէջ իր ունեցած <<փորձառութեան>> մասին կատակելով՝ գրած է Լափշին:
Նշենք, որ Լափշին առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր 2011ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ