By Asbarez | Thursday, 29 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան՝ ծագումով թուրք փոխնախագահ եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելեն կը կարծէ, որ պէտք է անմիջապէս դադրեցնել եւրոպական զէնքերու արտահանումը դէպի Թուրքիա:
Անդրադառնալով Աֆրին շրջանին մէջ թրքական զինուժին կողմէ իրականացուող վերջին գործողութիւններուն՝ ան աւելցուցած է. <<Մինչ Թուրքիա, հակառակ միջազգային իրաւունքին, իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ գործակցելով կը շարունակէ յարձակումները Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ, կը շարունակուին նաեւ անոր Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: Աֆրինի մէջ թրքական ներխուժումին իբրեւ հետեւանք 170,000 քաղաքացի տեղահանուած է: Եւրոպական համաձայնագիրները կը բացառեն անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները այնպիսի բռնապետութիւններու կամ մենատիրական պետութիւններու հետ, որոնք կը ներխուժեն այլ երկիրներ, կը սպաննեն եւ կը թալանեն՝ իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ ձեռք ձեռքի տալով>>, ըսած է Տաղտելեն:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ նոյնիսկ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Թուրքիան անուանած է իսլամական ահաբեկչութեան հարթակ: <<Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ Էրտողան չի կրնար գաղթականներու վերաբերեալ քաղաքականութեան հարցով ըլլալ գործընկեր: Աւելին, ատիկա կ՛ընդգծէ ոչ միայն անդամակցութեան բանակցութիւններու եւ նիւթական աջակցութեան սառեցումը, այլեւ անմիջապէ՛ս եւրոպական զէնքերու Թուրքիա արտահանումը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը>>, ըսած է պատգամաւորը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ