By Asbarez | Thursday, 29 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մօտէն հետեւած է Գերմանիոյ մէջ 2016ի Մայիսին եւ Յունիսին թուրք ազգայնամոլներուն կազմակերպած բողոքի ցոյցերուն, որոնց թիրախն էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Այս մասին նոր բացայայտում մը կատարած է գերմանական <<Շփիկըլ>> թերթը, որ հրապարակած է <<Գերմանաբնակ օսմանցիներ>> յանցագործ խմբաւորման հետ սերտ կապեր ունեցող՝ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան պատգամաւոր Մեթին Քիւլունքի եւ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային զրոյց մը, որ տեղի ունեցած էր 2016ի Յունիս 1ին, երբ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը քննարկէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը։
Նոյն օրը Պերլին գտնուող Քիւլունք, որ Գերմանիոյ ոստիկանութեան կողմէ կը հետապնդուէր՝ կասկածելի անձերու հետ իր կապերուն համար, Էրտողանին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է բանաձեւին դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասին, իսկ իր ապագայ գործունէութեան մասին ըսած է. <<Կը սպասեմ ձեր հրամաններուն>>, ինչի ի պատասխան՝ Էրտողան նշած է, որ նորէն կապ պիտի հաստատէ իրեն հետ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ մէջ դատական գործընթաց սկսած է <<Գերմանաբնակ օսմանցիներ>> խմբաւորման դէմ, որուն հետ առնչութիւն ունեցող Քիւլունքը անցեալ տարի քանի մը առիթներով գումար փոխանցած էր խմբաւորման՝ զէնք գնելու նպատակով, իսկ այդ զինամթերքը գործածուած է քիւրտերու եւ Էրտողանի այլ ընդդիմացողներու դէմ։
Յիշեցնենք, որ նշեալ հեռաձայնային զրոյցէն մէկ օր ետք՝ 2016ի Յունիս 2ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ