By Asbarez | Thursday, 29 March 2018

ՊԱՂՏԱՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրաքի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, թէ Պաղտատի եւ Անգարայի միջեւ գոյութիւն չունի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու շուրջ համաձայնութիւն, հակառակ նախապէս հաղորդուած տեղեկութեանց:
Եըլտըրըմ նշած է, որ այս մասին ծագած տարակարծութիւնը <<թարգ-մանութեան անճշդութիւն էր, որովհետեւ կ՛ուզէինք ըսել, թէ առանց Իրաքի կառավարութեան համաձայնութեան՝ որեւէ գործողութիւն պիտի չկատարենք, այլ ոչ թէ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք: Թուրքիա կը յարգէ Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ զայն ոտնահարող որեւէ արարք պիտի չգործէ>>:
Իր կարգին, Ապատի յայտնած է, որ իրաքեան ապահովական ուժերը իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են երկրին ամբողջ տարածքը, եւ որ Մուսուլ այցելութեան ընթացքին ինք իրաքեան ուժերուն ցուցմունք տուած է ամբողջ սահմանը առնել իրենց վերահսկողութեան տակ եւ օտար ոեւէ զինեալի արգիլել սահմանը անցնիլ: <<Ներկայիս սահմանը մեր ուժերուն ամբողջական վերահսկողութեան տակ է, իսկ մենք կը մերժենք Թուրքիոյ դէմ մեր հողերէն մեկնած որեւէ ոտնձգութիւն>>, ըսած է Իրաքի վարչապետը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ