By Asbarez | Friday, 30 March 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցով Երեւան կը գտնուի Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Բանայոդիս Գամենոս:
Այցելութեան խիրէն ներս, Յունաստանի նախարարը այցելեց Սպառազինութիւններու եւ պաշտպանական արհեստագիտութեանց <<ArmHiTec-2018>> միջազգային ցուցահանդէս:
Յոյն նախարարը մամլոյ ասուլիս տալով, նշեց, որ տպաւորուած է ցուցահանդէսով եւ շնորհաւորած է կազմակերպիչներուն ցուցահանդէսի յաջող իրականացման համար:
<<Այցի ընթացքին ես հնարաւորութիւն ունեցայ հանդիպիլ գործընկերոջս հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր>>, նշեց նախարարը:
Բանայոդիս Գամենոս ընդգծեց, որ Հայաստանին ու Յունաստանին կը միացնեն ընդհանուր արժէքներ ու ընդհանուր պատմութիւն. <<Մենք ցեղասպանութիւններու զոհեր ենք>>, յայտարարեց ան:
Անդրադառնալով պաշտպանութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան հարցին՝ ան նշեց, որ ռազմական համագործակցութիւնը, ինչպէս քաղաքական կապերը, ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ են. <<Հայաստանն ու Յունաստանը կը դիմագրաւեն ընդհանուր մարտահրաւէրներ: Ասիկա կը պահանջէ համապատասխան մօտեցումներ: Ինծի համար պատիւ է Հայաստան գալը: Ես եղբայրական երկրի մէջ եմ: Մեր ընդհանուր արժէքները ամուր կապ կը ստեղծեն: Մենք ընդհանուր ժառանգութիւն ունինք, որով կրնանք հպարտանալ: Պատմական կապերը աւելի ամրապնդուած են ընդհանուր հետապնդումներու շնորհիւ>>, նշեց նախարարը, աւելցնելով, որ Ուրբաթ, 30 Մարտին ցուցահանդէսի ծիրէն ներս հայկական եւ յունական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպումներ պիտի ունենան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ