By Asbarez | Tuesday, 03 April 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Յայտնի յօդուածագիր եւ մտաւորական, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած երիտթուրքերու ղեկավարներէն՝ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը՝ Հասան Ճեմալը, Ապրիլ 3ին դատապարտուեցաւ 1.5 տարուան բանտարկութեան՝ <<ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն կատարելու>> ամբաստանութեամբ, որ Անգարայի կողմէ յաճախ կը շահագործուի այլախոհները լռութեան մատնելու նպատակով։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ այդ մասին հատորի մը հեղինակ Հասան Ճամալ հետապնդուելու սկսած է 2013ին, իր հեղինակած <<Նահանջի Օրագրութիւն>> վերնագիրով յօդուածներու շարքին համար, ուր ան անդրադարձած էր Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մղած պայքարին։
Հասան Ճեմալ անցեալ տարի իսկ այս հարցով դատուեցաւ, բայց դատավարութեան աւարտին դատարանը որոշած էր յետաձգել պատիժի գործադրութիւնը: Սակայն Ապրիլ 2ին, Պոլսոյ դատարանը որոշեց կիրառել այդ պատիժը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ