Աֆրինի գործողութեան դէմ բողոքելու համար ձերբակալուած ուսանողները ազատ արձակելու կոչեր

By Asbarez | Tuesday, 03 April 2018

0404trk students

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - 37 երկիրէ 1250 մտաւորականներ արշաւի մը սկսած են, նպատակ ունենալով ապահովել ազատ արձակումը Թուրքիոյ Պողազիչի համալսարանի այն ուսանողներուն, որոնք ձերբակալուած էին պարզապէս Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն դէմ բողոքելնուն համար:

<<Ճումհուրիյէթ>> թերթը կը գրէ, թէ արշաւին մասնակիցները նամակներ յղած են Թուրքիոյ, ՄԱԿին, Եւրոմիութեան, ինչպէս նաեւ համալսարանի ղեկավարին՝ կոչ ընելով անյապաղ ազատ արձակելու ուսանողները: <<Միջազգային Ներում>> իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը եւս նման արշաւի մը նախաձեռնած է:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 19ին, Պողազիչի համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ հանգստապատառ բաժնած են՝ ի պատիւ Աֆրինի մէջ թրքական ուժերու յաղթանակին: Այդ երեւոյթէն վրդովուած, ուսանողներու այլ խումբ մը բողոքած է այդ քայլին դէմ՝ յայտարարելով, որ բռնագրաւման եւ կոտորածի ի պատիւ հանգստապատառ բաժնելը ճիշդ չէ՛: Ուստի, Էրտողան յայտարարած է, որ այդ ուսանողները <<ահաբեկիչներ>> են, որմէ ետք Աֆրինի գործողութիւններուն դէմ բողոքած ուսանողները ձերբակալուեցան:

 



comments