Ուաշինկթըն յաւելեալ փաստեր կ՛ուզէ Կիւլենը յանձնելու համար

By Asbarez | Tuesday, 03 April 2018

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիա երկար ատենէ ի վեր ի զուր կը սպասէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Թուրքիոյ յանձնեն Ֆեթհուլլահ Կիւլենը, որուն դէմ շարք մը ամբաստանութիւններ կան։

Կիւլեն այժմ Անգարայի կողմէ պատասխանատու կը նկատուի նաեւ Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպան Քարլովի սպանութեան համար։ Այս ոճիրին կապակցութեամբ ձերբակալութեան հրաման արձակուած է Ապրիլ 2ին, բայց կը թուի, թէ ամերիկեան իշխանութիւնները չեն փափաքիր Կիւլենը վերադարձնել։ Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Կիւլենը ձերբակալելէ կամ յանձնելէ առաջ՝ Թուրքիայէն յաւելեալ փաստաթուղթեր պէտք է տրամդրուին։

Յիշենք, որ Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպան Քարլով, ճառախօսութեան մը ընթացքին սպաննուեցաւ թուրք ոստիկանի մը կողմէ, որ ըստ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ կապեր ունի Կիւլենի հետ։

 

comments