By Asbarez | Thursday, 05 April 2018
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Ապրիլ 4ին, Անգարայի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներուն վեհաժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան՝ շեշտելով հոն երկարատեւ զինադադար մը հաստատելու կարեւորութիւնը:
<<Երեք երկիրները կը գիտակցին սուրիական տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու անխուսափելիութեան, ինչպէս նաեւ կը գիտակցին, որ այդ հոլովոյթին մէջ վճռորոշ խօսքը պէտք է պատկանի նոյնինքն սուրիացիներուն>>, յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով՝ աւելցնելով, որ երեք նախագահները բանակայիններէն մանրամասնութիւններ լսելէ ետք՝ քննարկած են Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող կացութիւնը եւ ապահովական գօտիներ հաստատելու աշխատանքին ընդարձակումը:
Մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Սուրիոյ Աֆրին քաղաքը պէտք է ամենականուխ առիթով Սուրիոյ իշխանութիւններուն յանձնուի։
Յիշեցնենք, որ նման վեհաժողով մը նաեւ տեղի ունեցած էր անցեալ Նոյեմբերին, Ռուսիոյ մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ