Մինչ Ամերիկեան բանակը կը ծրագրէ յաւելեալ Ամերիկացի զինուորներ ղրկել Սուրիա՝ Թրամփ կ՛ուզէ հեռանալ

By Asbarez | Thursday, 05 April 2018

0405US-Army syr

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն ու վարչակազմէն շարք մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ ամերիկեան բանակը կը ծրագրէր տասնեակներով ամերիկացի զինուորներ ուղարկել հիւսիսային Սուրիա, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, անցեալ Հինգշաբթի օր առաջին անգամ ըլլալով արտայայտուեցաւ ամերիկեան ուժերը <<շատ շուտով>> Սուրիայէն հեռացնելու մասին:

Թրամփի յայտարարութիւնը, որ կրկնուեցաւ Ապրիլ 3ին, Փենթակոնի մէջ շատերը մատնած է շփոթի:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայ այն համոզումը, որ ամերիկեան ուժերուն կանխահաս հեռացումը վնաս պիտի հասցնէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին եւ շրջանը պիտի դնէ իրանեան եւ ռուսական ամբողջական տիրապետութեան տակ։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդը այս հարցով ժողով մը գումարեց Ապրիլ 3ի երեկոյեան, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարելու շուրջ վարչակազմին ծրագիրը եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող մօտաւորապէս 2000 ամերիկացի զինուորներուն յաջորդ քայլերը:

Ժողովին ներկայ եղած պաշտօնատար մը, առանց ինքնութիւնը բացայայտելու, Ապրիլ 4ին <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ Թրամփ ընդունած է ամերիկացի զինուորները <<քիչ մը աւելի երկար ժամանակով>> Սուրիա պահել։

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. <<Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը պահանջէ միջազգային ջանքերու մէկտեղում։ Մեր առաւելագոյն ջանքը կը թափենք՝ Սուրիոյ տագնապը լուծելու>>:

Զախարովա նաեւ յայտնեց. <<Ռուսիա մտահոգ է այն տեղեկութիւններով, ըստ որոնց՝ Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները կ՛ամրապնդեն Սուրիոյ տարածքին վրայ իրենց ապօրինի զինուորական ներկայութիւնը: Մասնաւորաբար երկրի հարաւ-արեւելեան Թանաֆ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած գօտիին ծանր զէնքեր կը հասնին>>։

 

comments