Փութին եւ Էրտողան կատարեցին Թուրքիոյ առաջին հիւլէակայանի հիմնարկէքը

By Asbarez | Thursday, 05 April 2018

 

0405trk rus

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիա, Ապրիլ 3ին, քայլ մը եւս առաւ հիւլէական ուժանիւթ արտադրող երկիրներու ցանկին մաս կազմելու իր ջանքերուն մէջ, երբ կատարուեցաւ Ռուսիոյ կողմէ կառուցուող Թուրքիոյ առաջին հիւլէակայանին հիմնարկէքը։

Նշեալ հիւլէակայանը կը կառուցուի Մերսինի Աքքույու գաւառակին մէջ, սակայն Ապրիլ 3ին, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Փութինն ու Էրտողանը Անգարայի մէջ տեսակցեցան՝ հեռակայ կարգով կատարելով հիմնարկէքը։

Թուրքիոյ մամուլը Ապրիլ 4ին կը գրէ, թէ աւելի քան վաթսուն տարիներու երազ մըն էր, որ կ՛իրականանայ այս հիմնարկէքով։ Աշխատանք կը տարուի, որ հիւլէակայանը բանելու սկսի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին (2023)։

Ապրիլ 3ի տուեալներով, 55 երկիրներու մէջ հիւլէակայաններ կան կամ կը կառուցուին, իսկ Թուրքիա այս կայանով պիտի ըլլայ 56րդը։ Աքքույույի կայանը պիտի ապահովէ Թուրքիոյ ելեկտրական ուժանիւթին տասը տոկոսը, կամ՝ ամբողջ Պոլսոյ ելեկտրականութիւնը։ Ծրագիրը 20 միլիառ տոլար պիտի արժէ։

 



comments