Ֆրանսայէն ժամանած բժիշկները Ստեփանակերտի մէջ անվճար վիրահատութիւններ կը կատարեն

By Asbarez | Thursday, 05 April 2018

0405frenchdoctor

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան եւ <<Հայ-Մետ>> ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայէն Արցախ ժամանած են քիթ-կոկորդ-ականջաբան, միզաբան եւ շարք մը այլ մասնագիտութեանց տէր բժիշկներ:

Արցախի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ կամաւոր բժիշկները մինչեւ Ապրիլ 6   անվճար ընդունելութիւններ, խորհրդատուութիւններ, հետազօտութիւններ  եւ վիրահատութիւններ պիտի կատարեն:

<<Հայ-Մետ>> ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան նախագահ Յովհաննէս  Ժան Միշել յայտնեց, որ իրենք շուրջ 30  տարիէ վեր Արցախի ժողովուրդին օգնութիւն կը ցուցաբերեն: Ան ըսաւ, որ այս այցելութեան ընթացքին, բացի անվճար բժշկական օգնութիւն  ցուցաբերելէ, իրենց հետ բերած են նաեւ բժշկական սարքեր եւ դեղորայք:

 



comments