By Asbarez | Friday, 06 April 2018
ՓԱՐԻԶ - Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Արցախ-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան Հինգշաբթի, 5 Ապրիլին, Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու եւ Ծերակոյտի անդամներու հետ, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Քարոլ Պիւրօ-Պոնարի, Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժագ Մարիլոսեանի, Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի քանի մը անդամներու հետ:
Աշոտ Ղուլեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսայի հետ կապերու ընդլայնումն ու զարգացումը հիմնական տեղ ունի Արցախի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին, իսկ ֆրանսացի խորհրդարանականներու հետ տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումները թէ՛ Ստեփանակերտի, թէ՛ Փարիզի մէջ հնարաւորութիւն կու տան երկուստեք հետաքրքրող հարցերու քննարկման՝ օրէնսդրական ու խորհրդարանական փորձառութեան փոխանակման տեսանկիւնէն:
Ֆրանսայի խորհրդարանականները հարցումներ ուղղեցին Աշոտ Ղուլեանին՝ տարածաշրջանի իրավիճակին, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ